2013-10-11 12:50:57

''Միշտ Հսկեցէք Սատանայի Խաբէութիւններուն դէմ''` ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։


Ուրբաթ, 11 հոկտեմբերի առաւօտեան, Սանդա Մարդայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. ''պէտք ենք միշտ հսկել սատանային խաբէութիւններուն դէմ'', եւ թէ ''կարելի չէ միայն մասամբ հետեւիլ Յիսուսի, սատանային վրայ տարած յաղթանակին''։ Ան ապա հաստատեց որ ''պէտք չէ շփոթել կամ յարաբերականացնել ճշմարտութիւնը, սատանային դէմ մեր մղած պայքարի մէջ։
Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց որ Տէրը մեզի կը պարգեւէ որոշ չափանիշեր, զատորոշելու չարին ներակայութիւնը եւ քալելու քրիստոնէական ճանապարհով, փորձութիւններուն հանդերձ։
Սրաբզան Քահանայաետը հուսկ առաջարկեց հարցումներու շարք մը. ''Կը հսկե՞մ ինքզինքիս, սրտիս, զգացումներուս եւ մտածումներուս վրայ։ Կը պահպանե՞մ շնորհքին գանձը։ Սուրբ Հոգիին յոյսը արդեօ՞ք կը պահպանեմ իմ մէջս։ Այս հարցումներու աւարտին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ ''եթէ դուն չես պահպաներ այս բոլորը կու գայ քեզմէ աւելի զօրաւորը եւ կը խլէ քեզմէ զէնքերը որոնց վրայ յոյսդ դրած էիր։
Սրբազան Հայրը քարոզը եզրափակեց ըսելով` ''խնդրենք Տիրոջմէ շնորհքը այս ամէնը աւելի լրջութեամբ առնելու։ Ան եկաւ պայքարելու մեր փրկութեան համար։ Ան յաղթեց չարին։ Ուստի չի գործակցինք սատանային հետ որ միշտ պատրաստ է մեր վրայ իշխելու։
Հսկել միշտ` Յիսուսի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.